2014-08-19 09:56:14

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի զրոյցը` իրեն հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ, Քորէայէն վերադարձի ճամբուն վրայ։


Երկուշաբթի 18 օգորստոսին, Սէուլի տեղական ժամով 13-ին (Հռոմի ժամով 6-ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով հարաւային Քորէայէն, 11 ժամ 45 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք վերադարձաւ Վատիկան աւարտելով իր երրորդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը։ Վերադարձի ճամբուն վրայ, Սրբազան Հայրը, գրեթէ 1 ժամ տեւող զրոյց մը ունեցաւ իրեն հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ, որուն ընթացքին պատասխանեց զանազան նիւթերու վերաբերեալ իրեն ուղղուած 16 հարցումներուն։

Զրոյցի սկիզբը Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները ըսելով` ''Բարիլոյս, շնորհակալ եմ ձեր յանձնառու գործունէութեան համար'' ու ապա պատրաստակամութիւն յայնտեց ունկնդրելու եւ պատասխաներու ուղղուած հարցումներուն որոնք ընդգրկեցին` Քորէայի ճամբորդութիւնը, Իրաքի կացութիւնը, 2015-ի առաքելական ճամբորդութիւնները, աշխարհի խաղաղութիւնը եւ այլ նիւթեր։


Քորէա։
Պատասխանելով Քորէայի մէջ, նաւաբեկութեան զոհերու ընտանինքներուն հետ ունեցած հանդիպումին Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ ''երբ կը գտնուիս մարդկային ողբերգական կացութեան դիմաց դուն պէտք ես ընել այն ինչ որ սրտէդ կը բխի։ Ես ըրի այսպէս, ուզեցի յայտնել մօտիկութիւնս, մխիթարական խօսքերով, որոնք թէեւ կարող չեն կեանք պարգեւել մեռեալներուն սակայն` մարդկային մօտիկութիւնը կարող է ուժ պարգեւել''
Իրաք։
Անդրադառնալով ապա Իրաքի իրավիճակին եւ Ամերիկեան օդուժի գործադրած ռմբակոծումներուն մասին, իրեն ուղղուած հարցումին` ''եթէ ինք համաձայն է ռազմական այս միջամտութեան'', Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ ինք ''համամիտ է թէ որոշ պարագաներուն` հարկաւոր է ''կասեցնել նախայարձակումները, անարդար նախայարձակումները'' ու շեշտեց ''ոչ թէ ռմբակոծումները'', ապա ընգծեզ թէ անցեալին` քանի քանի անգամներ հզօր ազգերը տէր դարձան ժողովուրդներուն ու հաստատեց թէ մէկ պետութիւն չի կրնար մինակը որոշել ի՞նչ միջոցներով կասեցնել յանձագործը։ Խօսելով ապա Իրաքի մէջ տառապեալ Քրիստոնեայ եւ այլ փոքրամասնութիւններու մասին, Ֆրանչիսկոս Պապը հատատեց թէ ''բոլոր փոքրամասնութիւնները հաւասար են Աստուծոյ առջեւ'' եւ թէ ''անարդար յանձագործին արարքը կեցնելը, մարդկութեան իրաւունքն է ու նաեւ յանձագործին իրաւունքն է որ մէկը զինք կեցնէ որպէսզի այլ արարքներ չգործէ''։
Իրաքի ի նպաստ ձեռնարկներ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ''եթէ մտադիր է Իրաք երթալ հարցումին'' պատասխանելով յայտնեց թէ անցեալ շաբաթներուն հանդիպած էր Քիւրտիստանի Կառավարիչին ու անոր հետ քննարկած էր Իրաքեան հարցը, եւ թէ իր օգնական խորհդատուներու հետ քննարկած էր կարելիութիւնը Իրաք երթալու, մօտիկութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնելու Իրաքի ժողովուրդին, սակայն` թէեւ յօժար եմ այս քայլին, առ այժմ այսպիսի ծրագիր չկայ'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ մատնանշեց Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի, Իրաքի հարցով ստնաձնած յանձնառութեան եւ ձեռնարկներուն սկսեալ Հայր Լոմպարտիին յանուն Սրբազան Քահանայապետի հրատարակած հաղորդագրութեան, Սուրբ Աթոռին Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն ուղղած ''խաղաղութեան թղթածրարին'', ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար ՊԱՆ Քի Մունի ուղղուած նամակին եւ Կարտինալ Ֆիլոնիին Իրաք ուղարկումին որպէս Քահանայապետական յատուկ պատուիարկ ու այլ աղօթքի ու բարեսիրական գործունէութեան ձեռնարկներ։
Զինաստան։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Չինաստանի հետ դիւանագիտական կապերու մասին հաստատելով թէ Եկեղեցին կը պահանջէ ազատութիւն որպէսզի կարենայ լաւագոյն կերպով կատարել իր գործը եւ իր առաքելութիւնը եւ այս առընչութեամբ Ան հաստատեց թէ Ինք կը յարգէ ու կը սիրէ Չինացի ազնիւ ազգը եւ կ՛աղօթէ անոնց դիտաւորութեան եւ թէ Սուրբ Աթոռը միշտ պատրաստ է եւ բաց է` երկխօսութեան եւ կապերու հաստատումին։
Ալպանիա եւ առաքելական յաջորդ ճամբորդութիւններ։
Առաքելական ճաբորդութիւններու մասին ու յառաջիկայ 2015-ին, ուղղուած հարցումին պատասխանելով, Ֆրանչիսկոս Պապը նախ յոյս յայտնեց որ Քորէացիները կարենան հասնիլ միութեան ու ապա ակնարկեց յառաջիկայ 21 սեպտեմբերին` Ալպանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ուր կարելի եղաւ ''ազգային միութեան'' կառավարութիւն մը կազմել եւ ուր ստեղծուած է միջկրօնական խորհուրդ մը, որ մեծ գործ կը կատարէ։ Հոն կ՛երթամ տանելու պատգամը թէ ''կարելի է միասնաբար աշխատիլ'', ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ակնարկեց համայնավարութեան շրջանին Եկեղեցւոյ կրած վնասներուն` 1820 եկեղեցիներ քարուքանդ եղան, մինչ ուրիշներ վերածուեցան ախորի եւ այլ կառոյցներու։ Ան ապա մատնանշեց թէ կարելիութիւն կայ որ 2015-ին, բացի Յունուարին` Սրի Լանքա եւ Փիլիպեան կղզեխումբ կատարելիք հովուական այցելութենէն, այցելէ նաեւ Ֆիլատելֆիան` մասնակցելու Ընտանիքներու Հաւաքին, ինչպէս նաեւ այցելելու Ուաշինկթոնը եւ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնը։ Սրբազան Քահանայապետը` յայտնեց նաեւ Մեքսիքոն այցելելու եւ դէպի Սպանիա միօրեայ ճամբորդութիւն կատարելու կարելիութւինը։
Ֆրանչիսկոս – Պենետիկտոս ԺԶ
Արտայայտուելով ապա Պենետիկտոս ԺԶ-ի հետ ունեցած իր կապերու եւ յարաբերութեան մասին, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ ''մեր կապերը եղբայրական են'' եւ թէ Քորէա ճամբորդութենէն առաջ իրարու հանիպած են եւ գաղափարներ փոխանակած ճամբորդութեան եւ այլ նիւթերու շուրջ։ Ֆրանչիսկոս Քահնայապետը վերահաստատեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ–ի ներկայութիւնը իրեն համար շնորհք մըն է ''Ան կը նմանի մեծ հայրիկի մը որ կարող է իմաստուն թելադրանքներ տալ'', ''ինծի համար քաջալերանք մըն է'' վստահեցուց Նորին Սրբութիւնը ու ապա ակնարկեց թէ Պենետիկստո ԺԶ հրաժարականի որոշումը, իմաստութեան, հեզութեան եւ քաջութեան նշան է եւ թէ այս ժեսթը կը նկատուի ոչ թէ բացառիկ այլ ''հիմնական'' եւ թէ ինք եւս կրնայ դիմել այսպիսի որոշումի երբ նկատէ թէ իր ուժերը չեն ներէր շարունակելու իր առաքելութիւնը ։
Պատերազմ եւ խաղաղութիւն։
Խօսելով ապա պատերազմի մասին Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ վերջերս մէկը իրեն դիտել տուած էր թէ կ՛ապրինք համաշխարհային երրորդ պատերազմի օրեր, եւ այս առընչութեամբ հրաւիրեց լրագորղները խորհրդածել,պատերազմի հետեւանքի երկու կարեւոր երեւոյթներու մասին ''վայրագութիւն''եւ ''տանջանք''։ Հուսկ հաստատեց թէ Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան ի սպաս ձեռնարկուած աղօթքի գաղափարը եկած է երկու պետութիւններու նախագահներէն եւ թէ ինք ընդառաջած է անոնց խնդրանքին, իրենց տրամադրութեան տակ դնելով Վատիկանը։ ''Խաղաղութիւնը Աստուածային պարգեւ մըն է, որուն ձգտելու համար կարեւոր է նաեւ մեր աշխատանքը'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Հարցումներու շարքին էին նաեւ Գերապայծառ Ռոմէրոյի սրբադասման դատի գործընթացքը եւ ''բնապահպանութեան'' մասին շրջաբերական թուղթի պատրաստութիւնը ինչպէս նաեւ Սրբազան Քահանայապետի արձակուրդները` որոնց մասին արտայայտուելով յայտնեց թէ իր վերջին արձակուրդը եղած է 1975-ին եւ թէ այդ թուականէն ասդին իր արձակուրդները կ՛անցնէ իր բնակավայրին մէջ, պաարզապէս թեթեւցնելով իր պաշտօնական հանդիպումներու օրակարգը եւ աւելի ժամանակ տրամադրելով հանգիստի, աղօթքի, եւ ընթերցանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.